ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Հալէպի մէջ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին տասնեակ հազարաւորներու ցոյց մը տեղի ունեցաւ՝ առ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ձեռնարկած բարեփոխումներուն եւ առ ի երախտագիտութիւն ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի որդեգրած կեցուածքին, ինչպէս նաեւ մերժելու համար Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները։
Նոյն օրը հաղորդուեցաւ, թէ Հոմս քաղաքին եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ 10 այլախոհներ սպաննուած են:
Թրքական աղբիւրներ «Շարք Աուսա»չ օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան կազմած Ազգային խորհուրդը ճանչնալու հարցը Անգարայի մէջ լուրջ քննարկումի առարկայ է, իսկ թրքական աղբիւրներ լիբանանեան «Ճումհուրիա» թերթին յայտնած են, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Թուրքիա այցելող սուրիական ընդդիմադիր պատուիրակութեան յայտնած է, որ հարկ է տագնապը լուծել խաղաղ ճանապարհով, առանց բռնարարքներու դիմելու։ Սուրիական պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ փոխանցած է իր պահանջները՝ անգամ մը եւս «զինուորական որեւէ միջամտութիւն» մերժելով։