
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Յունաստանի մէջ պետական ծախսերու սեղմումին դէմ երկօրեայ ընդհանուր գործադուլը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին սկսաւ՝ անդամալուծելով երկիրը եւ ոստիկաններու ու ցուացարարներու միջեւ բախումներու առաջնորդելով: 48 ժամուան գործադուլը տեղի կ՛ունենայ մինչ խորհրդարանը կը քննէ երկու բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին տուրքերու յաւելման, հանգստեան թոշակներու եւ ամսականներու յաւելեալ կրճատումին, ինչպէս նաեւ աշխատանքի հաւաքական համաձայնութեանց առկախութեան։ Սոյն բանաձեւերուն վաւերացումով, Եւրոմիութիւնը յաւելեալ վարկեր պիտի տրամադրէ Աթէնքի:
Յունաստանի պետական պարտքին չափը երկրի Տեղական ընդհանուր արտադրութեան (GDP) 162 առ հարիւրին հասած է, եւ պետութիւնը կը պայքարի զայն նուազեցնելու: Մտավախութիւններ գոյութիւն ունին այն մասին, որ Յունաստան չկարենայ իր պարտքերը վճառել՝ եուրօ գործածող երկիրներու գօտիին մէջ տագնապ յառաջացնելով։