ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 պատգամաւորական աթոռներ զբաղեցնող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Այսել Թուղլուք, թրքական «Ռատիքալ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ «եթէ Իմրալի բանտին մէջ ցմահ բանտարկուած քիւրտերու առաջնորդ Ապտուլլահ Օչալանը փոխադրեն տնային կալանքի, ապա ան կրնայ հրամայել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան՝ վար դնել զէնքը»: Նոյն կուսակցութեան այլ պատգամաւոր մը՝ Նուրսել Այտողան, իր կարգին յայտարարած է, որ Օչալանի ազատագրումը կամ տնային կալանքի փոխադրումը կենսական նշանակութիւն ունի քրտական տագնապի լուծման համար:
Թրքական իշխանութիւնները Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ բանակցութիւններու նախապայման կը համարեն անոր ամբողջական զինաթափումը, մինչ քիւրտերը կը պնդեն, թէ զինաթափումը խաղաղութեան գործընթացին վերջին քայլը պէտք է ըլլայ: