ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նախագահական նստավայրին դիմաց «Բանակն իրականում» նախաձեռնութեան բողոքի ցոյցը անցաւ աւելի խաղաղ, քան կառավարութեան շէնքին դիմացի ցոյցը: Երբ ցուցարարները հասան նստավայր, ոստիկանները պատնէշած էին ոչ միայն նախագահականի վանդակաճաղերը, այլեւ դիմացի մայթը, ուստի շարժման մասնակիցները չկրցան անցնիլ փողոցը:
Բողոքի շարժումը, շուրջ երկու ժամ, տեղի ունեցաւ գետնուղիի դիմաց: Ոստիկանները ամբողջ ընթացքին լարուած կը հետեւէին՝ թոյլ չտալով մարդկանց նոյնիսկ մայթի եզրաքարերը շրջանցել:
Թէեւ ցուցարարները չյաջողեցան ոստիկաններու շղթան ճեղքել, այնուամենայնիւ քաղաքացիները շարունակ կը պահանջէին, որ ոեւէ մէկը դուրս գայ նախագահականէն եւ լսէ իրենց պահանջները, սակայն ոչ ոք արձագանգեց: Ի տարբերութիւն նախորդ անգամներուն, այս անգամ նոյնիսկ պաշտպանութեան նախարարութենէն ոչ ոք եկաւ: