ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Խապար-Արման» կայքը ներկայացուցած է լիբանանցի յայտնի երգահան-երգիչ Ղասսան Ռահպանիի «Մենք այստեղ կ՛ապրինք» երգը, զոր հեղինակը նուիրած է Լիբանանահայութեան:
Կայքը կը գրէ. «Երբ մարդ արեւելեան կողմէն Պէյրութ կը մտնէ եւ կ՛անցնի Պուրճ Համուտ թաղամասէն, կարծես մուտք կը գործէ ուրիշ աշխարհ: Որքա՛ն ալ լսած ըլլայ հայերու մասին եւ հանդիպած անոնց, կրնայ ըմբռնել անոնց կեցութիւնը վայրի մը մէջ, որուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի ազգի մը, որ կը սիրէ երկիր մը եւ որուն մասին միշտ երազած է: Անոնց փողոցներուն մէջ, որոնք կը կրեն Հայաստանի շրջաններուն անունները, տարածուած են դեղարաններ ու խանութներ, որոնց վրայ գրուած է հայերէն ու արաբերէն: Բան մը, որ կը վկայէ անոնց կառչածութիւնը իրենց մայրենի լեզուին եւ այն, որ անոնք չեն զղջար իրենց ձեռք բերած այլ ինքնութեան համար»:
Լիբանանի հայերու մասին կարելի է երկար խօսիլ, կ՛ըսէ արաբատառ կայքը, աւելցնելով. «Մեր խօսքը կ՛ամփոփենք Ղասսան Ռահպանիի այն երգով, զոր ան նուիրած է լիբանանահայութեան»: