ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18ի երեկոյեան, Թեհրանի «Վահտաթ» համալիրի «Ռուտաքի» սրահին մէջ կայացաւ երկանուագ դաշնամուրի (չորս ձեռքով) համերգ մը՝ երիտասարդ շնորհալի դաշնակահարներ Կարէն Մեհրաբեանի եւ Ալվին Յովհաննիսեանի կատարումով:
Երկու բաժինէ բաղկացած ծրագիրին ընթացքին դաշնակահարները ներկայացուցին երաժշտական կտորներ Տվորժաքի, Պրամզի, Չայքովսքիի, Կրիկի, Պիզէի, Փրոքոֆիեւի եւ Սան Սանի ստեղծագործութիւններէն, որոնք կատարուեցան արհեստավարժ մակարդակով եւ արժանացան հանդիսականներու յոտնկայս ծափերուն:
Դաշնակահարները ներկաներու բուռն ծափերուն ներքոյ՝ ծրագիրէն դուրս նուագեցին Արամ Խաչատրեանի եւ Պրամզի ստեղծագործութիւններէն մէկական կտորներ:
Ալվին Յովհաննիսեան եւ Կարէն Մեհրաբեան մանուկ հասակէն մեծ սէր ցուցաբերած են երաժշտութեան նկատմամբ. անոնք իրենց երաժշտական նախնական գիտելիքները ձեռք բերած են Ռոզա Քեշիշեանի մօտ: Որպէս դաշնակահար մասնակցած են հայկական ու իրանական բազմաթիւ ձեռնարկներու, նաեւ ունին շարք մը յօրինումներ: