
ԺԸՆԵՒ, «Նիուզ».- Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Հոկտեմբեր 18ին, Հայաստանի ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ՀՀ դեսպանութեան մէջ, Ժընեւ, հանդիպած է զուիցերիահայ գործարար, բարերար, «Ֆրանք Միւլլեր» ընկերութեան նախագահ Վարդան Սրմաքեշի հետ:
ԱԺ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ խորհրդարանի նախագահը Սրմաքեշին յանձնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած պետական պարգեւը: Վարդան Սրմաքեշ Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով ՀՀ անկախութեան 20րդ տարեդարձին առիթով հայապահպանութեան գործին ներդրած ծանրակշիռ աւանդին, հայրենքին մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ եւ օտարերկրայ պետութիւններու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման մեծապէս նպաստելու համար պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Ա. աստիճանի մետալով: