ՊՈԼԻՍ.- Մեր աշխատակից «Մարմարա» օրաթերթը կը տեղեկացնէ հետեւեալը.
«Երէկ (Երկուշաբթի) խմբագրատունս այցելութեան եկան Ուսուցչաց հիմնարկէն «Ժպիտ» մանկաթերթի պատասխանատու տնօրէն Նուարդ Պոյաճը, խմբագրական կազմէն Մարի Աքպաշ եւ Գարին Կիւլպաղ։ Անոնք բերած էին իրենց հետ «Ժպիտ» ամսաթերթի 20րդ տարին խորհրդանշող 160րդ. թիւը։ Բերած էին նաեւ մանկապարտիզպանուհի եւ «Ժպիտ»ի աշխատակից Գարին Կիւլպաղի կողմէ պատրաստուած «Սի.Տի» մը՝ «Ծիր Կաթին» անունով, որ «Ժպիտ»ի այս բացառիկ թիւին հետ ձրիաբար պիտի տրամադրուի բոլոր բաժանորդներուն»։
Խտասալիկը պատրաստուած է 3 տարեկան մանուկներէն սկսեալ մինչեւ մանկանալ փափաքող չափահասներու համար։ Անիկա կը բաղկանայ երկու բաժիններէ. առաջինը՝ հինգ երգերու մեկնաբանութիւնն է՝ «Ապրի՛ «Ժպիտ»», «Դպրոց», «Տուն մը», «Ձմեռ» եւ «Մայր», իսկ երկրորդը՝ այդ նոյն երգերու ցուցադրութիւնն ու կատարումը՝ «քարաօքէ»ի միջոցաւ։
Գարին Կիւլպաղ շրջանաւարտ եղած է «Արամեան-Ունճեան» վարժարանի նախակրթարանէն, ապա շարունակած է իր ուսումը Դպրեվանքին մէջ։ Ան աւարտած է նաեւ Պոլսոյ երաժշտանոցի ջութակի բաժինը, ապա՝ «Մարմարա» համալսարանի մանկավարժական ճիւղը։ Կիւլպաղ մասնագիտացած է տեսալսողական բնագաւառէն ներս։ Ներկայիս ան կը դասաւանդէ Եշիլգիւղի վարժարանի մանկապարտէզին մէջ։