ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 2ին, Նիւ Եորքի «Սենթ Ճէյմզ» կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ համայնքի նոր առաջնորդի պաշտօնի ստանձնման արարողութիւնը:
Նշենք, որ նախապէս յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացուէր, թէ նախկին առաջնորդ Մանուէլ Պաթաքեան, յառաջացած տարիքի բերումով, որոշած էր հեռանալ իր պաշտօնէն. անոր փոխարէն նոր առաջնորդ նշանակուած էր Միքայէլ եպս. Մուրատեան:
Զանազան շրջաններէ շուրջ 200 անձեր ժամանած էին՝ ներկայ գտնուելու համար սոյն արարողութեան: Պատարագը սկսաւ թափօրով, որուն կը մասնակցէին հին եւ նոր առաջնորդները, նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի առաջնորդ Ռաֆայէլ եպս. Մինասեան ու Լիբանանէն Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:
Նախքան հաւատամքի երգեցողութիւնը, հայր Ռաֆայէլ Անտոնեան հրաւիրեց կաթողիկէ տիեզերական հայրապետ Պենետիքթ ԺԶ.ի ներկայացուցիչ հայր Անժելօ Քանրինօ, որպէսզի կարդայ հայրապետին նամակը, որուն մէջ ան Միքայէլ եպս. Մուրատեան կը նշանակէր Հայ կաթողիկէ համայնքի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի առաջնորդ:
Կարդացուեցաւ նաեւ Պոսթընի Կարտինալ Շան Օմալիի շնորհաւորագիրը: Ապա նոր առաջնորդին փոխանցեուցաւ գաւազանը եւ ան մեծ ծափահարութեամբ դիմաւորուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Սոյն արարողութեան ներկայ էին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններէն ներկայացուցիչներ:
Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն յաջորդեց այս առթիւ կազմակերպուած ընթրիք մը:
Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի «Ա. Գարօ» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչներու կողքին, նաեւ ներկայ էր ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեան: