
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քոյր քաղաքը հանդիսացող Կապանի աշակերտներուն ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպուած է Կլենտէյլի երկրորդական եւ «Քլարք» վարժարաններու Հայ ուսանողներու միութեան ջանքերով. անիկա տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, երեկոյեան ժամը 7էն 9, Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ:
Պիտի ներկայացուին հայկական պարեր եւ երգեր, արհեստավարժ կատարողներու եւ ուսանողներու կողմէ: Մուտքի սակը 10 տոլար է: