ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Նոյեմբեր 2ին, Բիւրեղաւան քաղաքի «Սամուէլ Վարդանեան» դպրոցին մէջ մասնակցած է զոհուած ազատամարտիկ, «Արցախ» գունդի հրամանատար Սամուէլ Վարդանեանի ծննդեան 60ամեայ յոբելեանին եւ անոր նուիրուած կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն մասնակցած էին նաեւ ազատամարտիկին հարազատները, մարտական ընկերները, դպրոցի ուսուցչական եւ աշակերտական կազմերը:
Պաշտպանութեան նախարարը իր խօսքին մէջ ըսած է. «Այս օրը մեզ համար մի քանի խորհուրդ ունի, որոնցից երկուսին կը ցանկանայի անդրադառնալ: Առաջին խորհուրդը՝ արցախեան պատերազմում զոհուած հերոսների յիշատակը յաւերժացնելն է: Այս դպրոցի մուտքը արդէն դարձել է ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան բաց դասարան: Մտնելով դպրոց՝ աշակերտները ամէն օր տեսնելու են Սամուէլին եւ փորձելու են նմանուել նրան: Իւրաքանչիւր Մայիսին այս դպրոցից պէտք է կեանք ճանապարհուեն նոր Սամուէլ Վարդանեաններ, իսկ Սեպտեմբերի 1ին, այս դպրոց պէտք է մուտք գործի նոր Սամուէլ Վարդանեան»: