Մարդոյժը ազգի մը, ընկերութեան մը ներքին ուժականութեան, ստեղծագործ ոգիի ու փայլուն ապագայի տեսիլքն է։ Հայ սփիւռքը հարուստ է իր մարդոյժով։ Սակայն, սփիւռքի մարդոյժին ամբողջական պատկերը տակաւին չունինք։ Ահա այս աշխատանքին է լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը ու քաջալերանքը վայելող այս ծրագիրին նպատակն է տեղեկութիւններ հաւաքել սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս գործող ազգայիններուն (մտաւորականներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ, համալսարանի դասախօսներ, գիտական մասնագիտութեանց տէր անձեր, հասարակական գործիչներ, եւլն.) մասին։ Այս ծրագիրը կը նկատենք խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի։ Հետեւաբար, պիտի խնդրենք որ անյապաղ լեցնէք կցեալ հարցաթերթիկը եւ ուղարկէք մեզի։ Գործնական պատճառներով այս հարցաթերթիկը պիտի ըլլայ անգլերէնով։
Պիտի թելադրենք, որ սոյն հարցաթերթիկը (www.armeniancatholicosate.org) նաեւ ուղարկէք ձեր բարեկամներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով տարածում գտնէ այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ