
ՄԱՐՏԻՆ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3ին, Սաքըփ Սապանճըի անուան Մարտինի քաղաքային թանգարանին մէջ բացուեցաւ պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներուն ցուցահանդէսը: «Ակունք» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ «Դիտի՛ր Արա Կիւլերը Մարտինի մէջ» խորագիրով սոյն ցուցահանդէսին լուսանկարները կը ցուցադրուին երկու բաժիններով, որոնցմէ մէկը կը կրէ «Ճանչնալ եւ հասկնալ», իսկ միւսը՝ «Դէմ-դիմաց» վերնագիրը: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ կը գտնուի նաեւ Մարտինի նահանգապետ Թուրհան Այուազ:
Նշենք, որ Սաքըփ Սապանճըի անուան Մարտինի քաղաքային թանգարանը երկու տարուան ընթացքին կ՛ունենայ շուրջ 200 հազար այցելու:
Յիշեցնենք, որ համաշխարհային ճանաչում ունեցող Արա Կիւլեր, 1951ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը, իսկ լրագրութեամբ սկսած է զբաղելու 1950ին, «Նոր Սթամպուլ» թերթին մէջ: Այս տարիներուն պատմուածքներ հրատարակած է հայերէն թերթերու եւ գրական ամսագիրներու մէջ: 1956ին դարձած է «Time Life»ի, իսկ 1958ին «Paris-Match» եւ «Stern» ամսագիրներու Մերձաւոր Արեւելքի «ֆոթօ»թղթակիցը:
1961ին, Անգլիոյ մէջ լոյս տեսնող «British journal of Photography Year book»ը զինք ճանչցած է իբրեւ աշխարհի ամենալաւ 7 լուսանկարիչներէն մէկը: 1962ին, Գերմանիոյ մէջ արժանացած է «Master of Leica» տիտղոսին: Հարիւրաւոր ցուցահանդէսներ բացած է աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ: