
ԹՈՐՈՆԹՕ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 30ին, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինը, Հայ կեդրոն համալիրին մէջ կազմակերպած էր բարեգործական համերգ մը՝ թորոնթոյաբնակ երիտասարդ երգիչներու, երաժիշտներու եւ պարային խումբերու մասնակցութեամբ: Համերգի խորագիրն էր՝ «Մշակութային կամուրջ Թորոնթոյէն Շուշի՝ աշխարհի մէջ երկրորդ լաւագոյն քաղաքէն մինչեւ առաջինը»:
Մասնակիցները հանդէս եկան օփերային, դասական, ժողովրդական եւ ճազային երաժշտութեան գեղեցիկ նմոյշներով: Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքով, համերգին կը մասնակցէր 14-28 տարեկան 21 կատարող, որոնք իրենց կատարումներով հիացուցին հանդիսատեսը:
«Կը դիտէի անոնց ելոյթը եւ կը մտածէի՝ ի՛նչ գեղեցիկ համերգ կարելի է կազմակերպել Շուշիի մէջ մշակոյթի տան բացման առիթով: Կը պատկերացնէք, արցախցի ու գանատացի արուեստագէտները՝ մէկը միւսին ետեւէն՝ ելոյթ կ՛ունենան, իսկ աւարտին հանդէս կու գան մէկ միասնական ելոյթով: Ասիկա լաւ հնարաւորութիւն էր մեր երիտասարդներուն համար, անձամբ մասնակից ըլլալու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող կենսական նշանակութեան ծրագիրներուն», կ՛ըսէ Մկրտիչեան:
Համերգին ներկայ էր շուրջ 400 հանդիսատես, որոնց ընդհանուր ջանքերով հանգանակուեցաւ շուրջ 20.000 տոլար, որ պիտի ուղղուի Շուշիի մշակոյթի տան վերանորոգման ծրագիրին: