
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- 2011 տարին Մանուկներու Տարի հռչակման ծիրէն ներս եւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութիւններուն առթիւ, նախաձեռնութեամբ Դամասկոսի Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան, 18 Հոկտեմբերին, Հայ կաթողիկէ համայնքի «Ամինեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակի Իսթիլեան:
Բացման խօսքով երիցուհի Մակի Թանաշեան բարի գալուստ մաղթեց Մակի Իսթիլեանին եւ բարի վայելում՝ փոքրիկներուն, անդրադառնալով ելոյթի առիթին եւ արուեստագիտուհիի վաստակին: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ ձեռնարկը նուիրուած է Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, աւելցնելով, որ երգը անբաժանելի մէկ մասն է մեր մշակոյթին եւ հասած է մեզի մեր թարգմանիչ վարդապետներու սխրանքին շնորհիւ: Երիցուհի Մակի Թանաշեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նաեւ Մակի Իսթիլեանի կենսագրութիւնը եւ անոր ունեցած գործունէութիւնները:
Ապա մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ներկաները վայելեցին Մակիի աննախընթաց ելոյթը:
Աւարտին Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արի քհնյ. Թանաշեան խօսք առնելով՝ մատնանշեց երգի ու երաժշտութեան կարեւորութիւնը ժողովուրդներու եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որպէս մշակոյթի հիմնական եւ անբաժանելի տարր: