
ԹՈՐՈՆԹՕ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28ին, Թորոնթոյի նահանգային կառավարիչի նստատեղիին մէջ կայացած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութեան փոխանցուեցաւ Գանատայի համայնքային մամլոյ խորհուրդի գնահատագիրը: Հանդիսութեան ներկայ «Հորիզոն»ի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին «Հորիզոն»ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ թերթի գործակիցներ Ժան Պալճեան, Ժագ Վարպետեան եւ Անի Ղազարեան: Տարբեր բնագաւառներու ծիրէն ներս փոխանցուող գնահատագիրներուն մէջ, «Հորիզոն»ին շնորհուեցաւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ջատագովի մրցանակը՝ յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս այլ ցեղասպանութիւններու առնչութեամբ անոր տարած աշխատանքին համար:
Գնահատագիրներու արժանացան նաեւ ռուսական, արաբական, չինական, հնդկական, փաքիստանեան, ֆինլանտական, էսթոնիական, սոմալիական, եթովպիական եւ սլովաքեան թերթերը: Գնահատագիրներու բաշխումը կատարուեցաւ Օնթարիոյի կառավարիչ Տէյվիտ Օնլէյի ձեռամբ: