ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնադրամին, Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանի գոյները» ընդհանուր նիւթով 16 լիբանանցի գեղանկարիչներու, քանդակագործներու եւ խեցեգործներու ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արամ Գարատաղլեան, որ ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութիւնը չորրորդ դրամահաւաքն է, որ միեւնոյն ատեն կը միտի քաջալեր հանդիսանալ լիբանանցի արուեստագէտներուն:
Ապա խօսք առաւ «Կոկիկեան» հիմնադրամի սաներէն Մելքոն Էլէյճեան, որ յայտնեց, թէ հիմնարկը տեսլական ունի եւ ուսանողներուն երազները կը վերածէ իրականութեան: Էլէյճեան վստահեցուց, որ սաները ապագային իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հաւաքականութեան բարգաւաճման աշխատանքներուն:
Լիբանանի մշակոյթի նախարարին անունով խօսք առաւ Ղասսան Ապու Շաքրա, որ մեծապէս գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնադրամի դերակատարութիւնն ու արդիւնաբեր գործունէութիւնը:
Ապու Շաքրա հաստատեց, որ հիմնադրամը իր ճիշդ գրաւը դրած է մարդկային պաշարներուն վրայ, եւ այդ գրաւին արդիւնքը արդէն մօտիկ ապագային կը քաղէ: Ան նաեւ շնորհաւորեց ցուցահանդէսին մասնակից արուեստագէտները, որոնց ստեղծագործութիւնները մեծ արժէք կը ներկայացնեն:
Վերջապէս, ցուցահանդէսին վերջին խօսքը առաւ «Կոկիկեան» հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահ Միշել Կոկիկեան, որ շեշտեց, թէ այս հաւաքը աւանդական ցուցահանդէսի մը հասկացողութենէն շատ հեռու է, քանի որ այստեղ, արուեստին կողքին, նաեւ կայ սաներու կրթաթոշակներ տրամադրելու ծրագիրը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 64 ստեղծագործութիւններ:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 9 Նոյեմբեր: