ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի առաջնորդութեամբ, համալսարանէն 14 ուսանողներ Հայաստան այցելած են այս ամառ՝ մօտէն ծանօթանալով Հայաստանի:
Այցելութիւնը մաս կը կազմէ համալսարանին տրամադրուող «Հայաստանը՝ այսօր» դասընթացքին:
Նախքան Հայաստան ժամանելը, խումբը օր մը անցուցած է Լոնտոնի մէջ, այցելելով պատմական վայրեր, ինչպէս նաեւ քաղաքին մէջ գործող հայկական երկու եկեղեցիներէն մէկը՝ Ս. Սարգիս եկեղեցին:
Երեւանի մէջ, ուսանողները մնացած են Երեւանի պետական համալսարանի հիւրանոցին մէջ, Մաշտոց պողոտային վրայ, ուրկէ այցելած են պատմական շարք մը վայրեր՝ Գառնի, Գեղարդ, Խոր Վիրապ եւ շարք մը այլ վանքեր ու եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճ, Գիւմրի, Լոռի, Նորավանք, Արենի եւ Սիսիան:
Անոնք նաեւ առիթը ունեցած են ներկայ ըլլալու Երեւանի Նորք շրջանի երիտասարդական կեդրոնին կազմակերպած մէկ մշակութային ձեռնարկին:
Կիրակի օր մը խումբը նաեւ Ս. Էջմիածին այցելած է՝ ներկայ ըլլալով Ս. պատարագին ու ծանօթանալով Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան թանգարանը:
Ուսանողները նաեւ հանդիպումներ ունեցած են Երեւանի պետական համալսարանի անձնակազմին եւ դասախօսներուն հետ, որոնց շարքին էր՝ դոկտ. Քրիսթին Աթոնեան, որ 2010ի գարնան վարժողական շրջան մը անցուցած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ:
Բնականաբար, ուսանողները այցելած են նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծառ մը տնկած են եւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն իրենց տուրքը մատուցելէ ետք այցելած են նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանը՝ հանդիպում մը ունենալով անոր տնօրէնին՝ Հայկ Դեմոյեանի հետ:
(Քաղուած Տենիս Ալթունեանի թղթակցութենէն)