
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ «Ապրիլ» գրախանութին, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ Լոռի Պետիկեանի «The Book of Lamenting» բանաստեղծութեանց հատորին ներկայացումը՝ Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street):
Հատորը պիտի ներկայացնէ Արամ Գույումճեանը, իսկ ամերիկահայ բանաստեղծներու մասին պիտի բանախօսէ Շահէ Մանկրեանը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Առնօ Երէցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով: