
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան (ACYO) տարեկան 63րդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 25-27ին, ի մի բերելով Արեւմտեան թեմէն ներս գործող երիտասարդական կազմակերպութեան անդամները:
Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ օժանդակութեան կարելիութեանց համար, այցելել www.acyo-wd.org կայքը, կամ դիմել (818) 861-3725 թիւին: