ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նոյեմբեր 12-13 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ թալիշագիտութեան նուիրուած 2րդ միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած է իրանագէտ Գառնիկ Ասատրեանի խմբագրած Iran and the Caucasus միջազգային գիտական ամսագիրի 15ամեակին:
Գիտաժողովի կազմակերպման կ՛օժանդակեն «Մոդուս Վիվենդի» կեդրոնը (Երեւան, նախագահ՝ Արա Պապեան), Իրանագիտական Կովկասեան կեդրոնը (Երեւան), Թուրքիոյ, Իրանի եւ Կովկասի ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութիւնը եւ ARMACADը (Ակադեմական համագործակցութեան եւ օժանդակութեան հայկական ընկերակցութիւն, Խաչիկ Գէորգեան): Ձեռնարկի հովանաւորն է Hyksos հիմնադրամը (նախագահ՝ Հրաչ Գաբրիէլեան):
Թալիշագիտական առաջին գիտաժողովը տեղի ունեցած է Ծաղկաձորի մէջ 2005 Մայիսին եւ կազմակերպուած է Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Իրանագիտութեան ամպիոնի եւ Իրանագիտական կովկասեան կեդրոնին կողմէ:
Թալիշագիտութիւնը իրանագիտութեան բաղկացուցիչ մասն է: Իրանի մէջ թալիշներու բնակութեան հիմնական տարածքը Թալիշի շրջանն է, որ բարակ գօտիի ձեւով կը փարուի Կասպից ծովու հարաւային ափին եւ կը հասնի մինչեւ Էնզելի նաւահանգիստէն ոչ հեռու Քոփուլ-Չալ բնակավայրը:
19րդ դարու ռուս-պարսկական պատերազմներուն հետեւանքով՝ թալիշները բաժնուած են երկու մասի եւ կը բնակին ներկայ Իրանի հիւսիսային (Կիլան) եւ Ատրպէյճանի հարաւային շրջաններուն մէջ: Թալիշները ունին ինքնատիպ մշակոյթ, որ կը հանդիսանայ Կասպից ծովու հարաւային սահմանամերձ մշակութային գօտիին բնորոշ երեւոյթ: Իրանական այս ժողովուրդի բազմաշերտ հաւատալիքներու, հարուստ, բազմաոճ բանահիւսութեան, պատմութեան, լեզուի եւ մշակոյթի ուսումնասիրութիւնը հայ իրանագէտներու ուշադրութեան կեդրոնին է: ԵՊՀ իրանագիտութեան ամպիոնի կողմէ քանի մը տարի առաջ հրատարակուած են «Թալիշ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի ակնարկներ» եւ «Թալիշական ժողովրդական աւանդութիւններ եւ հեքիաթներ» գիրքերը:
Կայանալիք գիտաժողովի նախօրէին ԵՊՀ Իրանագիտութեան ամպիոնը հրատարակած է «Թալիշ ժողովրդի պատմութեան եւ մշակոյթի ներածութիւն» հաւաքական մենագրութիւնը՝ փրոֆ. Գ. Ասատրեանի խմբագրութեամբ: Մենագրութիւնը կը ներառէ տասը գլուխ, մանրամասն քննութեան առնելով թալիշներու ծագման եւ պատմութեան խնդիրները՝ Թալիշի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մինչեւ թալիշ ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը: Մենագրութեան առանձին գլուխներ կ՛անդրադառնան Թալիշստանի բնակչութեան, բնական միջոցներու, կրօնի եւ հաւատալիքներու, ժողովրդական արուեստի, լեզուի ու գրականութեան հարցերուն: Մենագրութեան շնորհանդէսը պիտի կայանայ թալիշագիտական 2րդ գիտաժողովի պաշտօնական բացման ժամանակ:
Գիտաժողովի բացման ելոյթ պիտի ունենան փրոֆ. Ասատրեան (Հայաստան) «Թալիշագիտութեան արդի խնդիրներու եւ անոր հեռանկարներու շուրջ», փրոֆ. Ա. Կրանմայէ (Մեծ Բրիտանիա)՝ «Ինչպէ՞ս փրկել թալիշներու լեզուն եւ մշակոյթը», յայտնի պատմաբան եւ գրող Քաւէ Ֆարրոխ (Գանատա)՝ «Կովկասեան Ատրպէյճանի ապաիրանականացման գործընթացը (1828էն մինչ այսօր)»: ԵՊՀ իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչ Վ. Ոսկանեան պիտի ներկայացնէ նոր թալիշական այբուբենի նախագիծը՝ Աւեսդայի գիրի հիման վրայ:
Գիտաժողովին բացի հայ գիտնականներէն նաեւ պիտի մասնակցին յայտնի մասնագէտներ Ռուսիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Հոլան-տայէն, ԱՄՆէն եւ Գանատայէն:
2005ին թալիշագիտական Ա.ին եւ վերջերս Երեւանի մէջ կայացած զազաներու պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած գիտաժողովները արդէն իսկ արժանացած են միջազգային ակադեմիական շրջանակներու բարձր գնահատանքին եւ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած՝ հայ արեւելագիտութեան հանդէպ:
Գիտաժողովի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 12ին, ժամը 10.00ին, «Քոնկրես» հիւրանոցի դահլիճին մէջ: