
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ, «Ուիթիըր Տէյլի Նիուզ».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8ին կայացած Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց յաղթանակ ապահոված երկու թեկնածուներէն մէկն էր Հայ Դատի գործիչ Ճեք Հաճինեանը, որուն նեցուկ կանգնած էր Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Հաճինեան, որ ընտրապայքարին ընթացքին ամենամեծ գումարը հաւաքած թեկնածուն էր, յայտարարեց, թէ նիւթական դժուարութիւններ դիմագրաւող քաղաքապետական խորհուրդը ներկայ հանգրուանին պէտք է շեշտը դնէ ծախսերը կրճատելու աշխատանքներուն վրայ, ապա պէտք է անցնի յաւելեալ եկամուտ ապահովելու գործին: