ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Տոքթրինա» լրատուամիջոցներու կեդրոնին տարածած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ պէտք է հերթական անգամ տեղեկացնել միջազգային հանրութիւնը, որ ինչպիսի՛ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Ստեփանակերտի օդակայանի շահագործումը եւ ի՛նչ լուրջ միջոցներ պէտք է ձեռնարկուին՝ իրական անվտանգութեան ապահովման համար:
«Տեղեկութիւններու համաձայն, հայերը վճռական են օդակայանը շահագործման յանձնելու հարցով: Տհաճ հետեւանքներէ խուսափելու համար, պաշտօնական Պաքուն պէտք է նախապէս լուրջ քայլերու ձեռնարկէ: Հայկական կողմը արդէն իսկ պատրաստ է Պաքուն սադրանքի մէջ ներքաշելու: Ատիկա կանխելու պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ միջազգային կառոյցներու եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի միջնորդներու ուսերուն», յայտարարած է կեդրոնի տնօրէն Ճասուր Սումերենլի: Անոր կարծիքով, օդանաւային ընկերութիւններու միջոցով զէնք ու տարբեր սարքեր պիտի փոխադրուին «Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներ»ը:
Նշենք, որ Ստեփանակերտի օդակայանի աշխատանքները շուտով կ՛աւարտին եւ 2012ի գարնան պիտի իրականացուի Ստեփանակերտ-Երեւան-Ստեփանակերտ թռիչքը: