
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-Նորուեկացի նշանաւոր բեւեռախոյզ, մեծ մարդասէր, խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր Ֆրիտեօֆ Նանսենի արձանը տեղադրուեցաւ Երեւանի սրտին մէջ: Բացման արարողութեան ներկայ էին նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարները եւ Ֆրիտեօֆ Նանսենի թոռնուհի Մարիդ Կրեւը, որ յոյս յայտնեց, որ Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութիւնը հիմք պիտի դառնայ հայ ժողովուրդի հետ իր բարեկամութեան:
«Ես առաջին անգամ է Հայաստան կու գամ եւ դեռ չեմ հասցուցած շատ բան տեսնել, սակայն ընդունելութիւնը, որուն արժանացայ, գերազանցեց բոլոր սպասելիքներս: Ինծի համար անսպասելի էր, որ մեծ հօրս արձանի բացումը այսպիսի մեծ իրադարձութեան պիտի վերածուի, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահը», նշեց տիկին Կրեւ:
Պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոնաս Կահր Շթեօրէն, իր հերթին նշեց. «ինծի համար մեծ պատիւ է, որ իմ այցը կը համընկնի Նանսենի 150ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն: Ան իրապէս մեծ մարդ էր եւ պատմութեան մէջ մնաց յատկապէս փախստականներու համար իր ըրած գործերով: Վստահ եմ՝ իւրաքանչիւր նորվեկիացի հպարտ պիտի զգայ իր հայրենակիցի արձանը քաղաքի ուղղակի սրտին տեսնելուն համար: Ես շատ տպաւորուած եմ Նանսենի յիշատակը վառ պահելուն համար», նշեց ան:
Հայաստանի նախագահը Նանսենի թոռան յանձնեց Հայաստանի մշտական կացութեան անձնաթուղթ: