
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ» օրաթերթին, Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 61րդ լսարանը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Վահան Զանոյեանի «Եզրէն Դուրս» բանաստեղծական գիրքին շնորհահանդէսը:
Լսարանին բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ Զանոյեան 1970ական թուականներուն «Ազդակ»ի հաւաքածոներուն մէջ հրատարակած է յօդուածներ, ինչպէս նաեւ «Բագին»ի էջերուն մէջ երեւցած է իբրեւ երիտասարդ գրող:
Ան աւելցուց, որ տասնեակ տարիներ ետք, Զանոյեանի մօտ բանաստեղծութեամբ ապրելու հրամայականը կուտակուելով՝ անցեալ տարի հրաբուխի մը պէս պայթեցաւ, երբ հրատարակեց «Վերադարձ» հատորը, իսկ այս տարի՝ «Եզրէն Դուրս»ը:
Խօսք առաւ Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան, որ նշեց, թէ գրողի մը գործը դատելու համար պայման չէ ծանօթ ըլլալ ենթակայի կեանքի ծալքերուն, այլ՝ բաւական է կարդալ եւ հաղորդուիլ իր մտածումներուն հետ:
Սարաճեան-Հերկելեան յայտնեց, որ Վ. Զանոյեան չորս տասնամեակ առաջ սկսած է գրական փորձերու, եւ որ անոր գրութիւններուն մէջ առկայ են հասունութիւն, կեցուածք, յանդգնութիւն ու համամարդկային մօտեցումներ:
Զոյգ խօսքերէն ետք, Սիլվա Քիւրքճեան եւ Աքասիա Փօլատեան ընթերցեցին «Եզրէն Դուրս» բանաստեղծական գիրքէն հատուածներ:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ հեղինակ Վահան Զանոյեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, «Ազդակ»ին եւ հանդիսութեան բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ իր ուսուցիչներուն: