ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 13-21, հերթական այցով Հայաստան կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներու եւ Միացեալ Թագաւորութեան փորձագէտներու խումբը՝ Հայաստանի զինուած ուժերու անձնակազմի կառավարման համակարգի բարեփոխութեան հարցով խորհրդատուութիւն տրամադրելու համար:
Խումբը պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի ներկայացուցիչներուն հետ իրականացուցած է քննարկումներ, որոնց հիմնական թեման եղած է ՀՀ ԶՈւ մասնագէտ քսանապետներու կազմի համակարգի ներդրման եւ զարգացման հարցերը: