ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 23ին, Հայաստանի մէջ Հայ-թրքական գործարար համաժողովի փակման հանդիսութեան, ՀՀի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն յայտարարած է, թէ ԱՄՆ պիտի շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համաձայնութեան շուրջ, ինչպէս քաղաքականութեան, այնպէս ալ մարդկային շփումներու մակարդակով:
«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչի՛ մասին կը խօսին մեր քաղաքական գործիչները ԱՄՆի մէջ. գլխաւոր թեմաներէն մէկը աշխատատեղերն է: Ես գիտեմ, որ այդ նոյնը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Այս համաժողովին նպատակն է օժանդակել մարդոց միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ ԱՄՆի համար կարեւորութիւն ներկայացնող Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ», յայտարարած է դեսպանը:
Յիշեցնենք, որ «Հայ-թրքական մերձեցման օժանդակութեան» ծրագիրը, որ նախատեսուած է 2010-2012ին, կը հովանաւորուի USAID-ի կողմէ:
Ըստ դեսպանին, երկու երկիրներու հաշտեցման օժանդակելու բազմաթիւ միջոցներ կան, սակայն, քաղաքական մակարդակով՝ աշխատանքներու զուգընթաց կարեւոր են նաեւ անմիջական շփումները. «Այստեղ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Ձեր՝ ձեռներէցներուն դերը, քանի որ դուք աշխատատեղեր կը ստեղծէք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ, եւ կրնաք խօսիլ շատ մարդոց անունով: Հաշտութեան գործին մէջ ձեր ներդրումը շատ մեծ է», յայտարարած է Հեֆըրն: