
ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- Կոտայքի թեմի րվէժի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Կիւրեղ քահանայ Տալեան, խիստ քննադատութեան ենթարկած է յղութիւնը արհեստականօրէն ընդհատողները (վիժումը): Ան այդ արարքը սպանութիւն որակած է:
«Կան բարոյական օրէնքներ, որոնք երբեք փոփոխական չեն կարող լինել: Մարդիկ փորձում են իրենց անբարոյ ընթացքն արդարացնել տարբեր գաղափարախօսութիւններով: Այս ամէնի հիմքում անաստուածութիւնն է: Ես չեմ զարմանայ, եթէ վաղը խօսեն մարդասպանի իրաւունքների մասին», ընդգծած է քահանան:
Ան նշած է նաեւ, որ տասը տարուան ընթացքին արհեստական միջոցով սպաննուած է 400 միլիոն մարդ եւ որ արդէն հասած է ժամանակը, երբ եկեղեցին յստակ պէտք է արտայայտէ իր դիրքորոշումը տարբեր երեւոյթներու, ներառեալ՝ յղութեան արհեստական ընդհատման նկատմամբ:
Ասուլիսի մասնակից ուռուցքաբան-կանացի բժիշկ Վահէ Տէր Մինասեան, իր կարգին անդրադարծած է Հայաստանի մէջ երեխայի սեռը գիտնալու խնդիրին, եւ յատկապէս աղջկայ պարագային՝ արհեստական ընդհատում կատարելու միտումին։ Ըստ բանախօսին, ատոր պատճառը քիչ երեխայ ունենալն է:
«Մէկ-երկու երեխայ ունենալու պարագային, կը գործէ հայկական մտայնութիւնը՝ այն է, որ երեխաներէն գոնէ մէկը պիտի տղայ ըլլայ», նկատել տուած է բժիշկը, ըստ որուն, եթէ նոյն վիճակը շարունակուի, ապա Հայաստան շուտով ժողովրդագրական խնդիր պիտի ունենայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ քանի մը տարի ետք, տղամարդոց թիւը շատ աւելի պիտի ըլլայ, քան կանանցը։
Նշենք, որ ըստ վիճակագրութեան, նորածին 100 աղջկան բաժին կը հասնի 112 տղայ: