
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան դրական կը գնահատէ Նոյեմբեր 22ին Սլովաքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին ընդունումը:
«Սա կարեւորւում է նաեւ այն տեսանկիւնից, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման շղթայի մէջ չկայ դադար. ողջունելի քայլ է ցանկացած երկրի այդպիսի որոշում», ըսած է Դեմոյեան, աւելցնելով, որ շարք մը երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հայկական լոպիինկի արդիւնք է:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ո՞ւր պիտի տանի այս ամէնը՝ Դեմոյեան նշած է. «Դժուար է ասել, մինչեւ որ մենք ինքներս չորոշենք մեր ռազմավարութիւնը. իսկ դրա համար՝ մէկ-երկու տարի կը պահանջուի»: