
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի պաշտօնական բացումէն երկու ամիս անց, վերանորոգման աշխատանքներ կ՛ընթանան հին մասնաշէնքին մէջ:
Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի համաձայն, շէնքին մէջ կ՛աւելնան նոր ցուցասրահներ, տարրալուծարաններ եւ մեծ սրահ մը՝ գիտական համաժողովներու համար:
«Հին շէնքը վերակառուցւում է, եւ այնտեղ մի ցուցասրահի փոխարէն պիտի ունենանք 9-10 ցուցասրահ, որը հնարաւորութիւն կը տայ Մատենադարանի գանձերը եւ համամարդկային արժէքները լուսաբանել նոր տեսանկիւնից եւ շատ աւելի ընդարձակ էքսպոզիցիաներով», ըսաւ Թամրազեան, որուն խօսքով, վերակառուցման այս աշխատանքները կը կատարուին ճարտարապետ Արթուր Մեսճեանի նախագիծին հիման վրայ, իբրեւ նոր մասնաշէնքի կառուցման շարունակութիւն:
Յիշեցնենք, որ նոր մասնաշէնքը արժած է շուրջ 14 միլիոն տոլար։ Հրաչեայ Թամրազեան ճշկրիտ չկրցաւ ըսել, թէ որքա՛ն պիտի արժեն հին մասնաշէնքի վերակառուցման աշխատանքները: Ըստ անոր, նորոգուող մասնաշէնքին բացումը նախատեսուած է յաջորդ տարուան Ապրիլին: