ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ իրենց պատմական դերակատարութեամբ,

հոգեւորականի անբասիր կեանքով ու հմայքով գործած բազմաթիւ նուիրեալներուն մէջ կ՛առանձնանան երկու առաքելատիպ դէմքեր՝ Խրիմեան Հայրիկ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան տարագիր կաթողիկոսը։
Դժուար է ակնարկի մը սահմաններուն մէջ բնութագրել Խրիմեան Հայրիկի կամ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի կենդանագիրները։ Սակայն, հպանցիկ ակնարկ մը միայն բաւարար է կարենալ ընկալելու համար պատմական բարդ օրերու մէջ գործած այս երկու ՄԵԾ հոգեւորականներուն առինքնող բայց եւ խոնարհ կերպարները, որոնց վերայայտնութիւնը կրնար շատ բան փոխել ու փրկել հոգեւոր արժէքներէ ու առաջնորդութենէ ամայացող մեր հաւաքական կեանքին մէջ։
ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ԱՌԻՆՔՆՈՂ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՕՐԻՆԱԿԸ
Իր ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար թրքական բռնատիրութեան դէմ պայքարող Խրիմեան Հայրիկ, իր կենդանութեան օրով ոչ մէկ օր մտածեց փառքի եւ տիտղոսի մասին, հակառակ իրեն ընծայուած բազմաթիւ բարձր կոչումներուն եւ պատիւներուն, ան հեռու մնաց իր ինքնասիրութիւնը առաջ քաշելու մոլութենէն, այլ իբրեւ համեստ հոգեւորական եւ մտքի մշակ ան մտաւ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Դարձաւ կրթական մշակ, ուսումնարաններ բացաւ, Պոլսոյ եւ ապա Վարագայ վանքին մէջ հրատարակեց «Արծուի Վասպուրականի» հանդէսը, եղաւ Մուշի Առաջնորդ, Ս. Կարապետ վանքի վանահայր, այնտեղ հրատարակեց Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը, ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարք, իր յախուռն նկարագրին եւ գործունէութեան պատճառով հրաժարեցաւ, այնուհետեւ աքսորուեցաւ Երուսաղէմ եւ 1892 թուականի Մայիսի 5ին՝ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Իր ստանձնած բոլոր պաշտօններուն ու հանգամանքներուն մէջ ան մնաց համեստ ու բարի հոգեւորականը, ներհուն մտաւորականն ու գրողը, հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն խիզախ պաշտպանը, թրքական բռնատիրութեան դէմ պատրաստուած բողոքագիրներուն նախաձեռնող ոգին, եւ հայ ազատագրական պայքարի գաղափարական բովանդակութիւն ներշնչող առաջնորդը։

Հայրիկ կոչումը շատ բան կ՛ըսէ Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսի անձին եւ կերպարին մասին։ Տակաւին հազիւ 42 տարեկան հասակին Տարօնի ժողովուրդը ի տես իր առաջնորդին ցուցաբերած խիզախ կեցուածքին եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ինքնաբուխ կերպով անոր շնորհեց ՀԱՅՐԻԿ պատուանունը։ Այնուհետեւ Խրիմեան Հայրիկի քայլերը զինք տարին մինչեւ Պերլինի Վեհաժողով, ուր իր ապրած ծանր յուսախափութենէն ետք Խրիմեան Հայրիկ դիմելով ժողովուրդին պիտի ըսէր՝ «Ժողովուրդ Հայոց, անշուշտ լաւ հասկացաք, թէ զէնքն ինչ կրնայ գործել եւ կը գործէ։ Ուրեմն սիրելի եւ օրհնեալ հայաստանցիներ, երբ հայրենիք վերադառնալու լինէք, ձեր բարեկամաց եւ ազգականաց իբրեւ պարգեւ մէկ–մէկ զէնք տարէք, զէնք առէք ու դարձեալ զէնք։ Ժողովուրդ Հայոց, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին ու բազկին ուժ տուր, մարդն ինքնիրմէ պէտք է աշխատի, որ փրկուի»։
Հայրիկի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան տարիները եղան նոյնքան փոթորկոտ։ 1903ին ան խիզախօրէն դիմագրաւեց ցարական Ռուսիոյ ճնշումները եւ մերժեց հայ եկեղեցական կալուածներու յանձնումը յայտարարելով՝ որ «ես Հայ Եկեղեցւոյ ունեցուածքի ոչ թէ տէրն եմ այլ աւանդապահը» եւ հրահանգեց բոլորին չենթարկուիլ ցարական հրամանին։ Գործադրուած բոլոր ճնշումները անզօր եղան ընկճելու ծերունազարդ արծիւը, որ իր ժողովուրդին հետ շարունակեց պայքարը, մինչեւ որ 1905ին ցարական հրամանով վերադարձուեցան ազգային եկեղեցական կալուածները ու վերաբացուեցան հայկական դպրոցները։
Այսօր Խրիմեան Հայրիկ կաթողիկոսական իր հանգամանքէն անդին վերածուած է ազգային խորհրդանիշի, Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարական վէմին։ Խրիմեան Հայրիկի հոգեւորականի արժանիքներուն, մարդկային առաքինութիւններուն եւ ազգային նուիրաբերումին դիմաց կը փշրուին բոլոր ինքնասիրութիւնները։
Արդարեւ, Հոգեւորականին հանգամանքն ու սքեմը չեն որ կ՛արժեւորեն անոր անձն ու արժանիքները, ոչ ալ ժամանակակից կեանքի աշխարհիկ շռայլութիւններով յագեցած կենսակերպը, այլ դարերու ընթացքին հայ եկեղեցւոյ արարած արժէհամակարգին ու մարդկային եւ հոգեւոր առաքինութիւններուն ներշնչումով ապրուած մաքրակենցաղ վարքն ու ազգային հաւաքկան կեանքին մէջ հոգեւորականի անշահախնդիր ծառայութիւնն է, որ ժողովուրդի աչքին կը բարձրացնեն հոգեւորականը։
ՏԱՐԱԳԻՐ ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՀՄԱՅՔԸ
Կոտորածներու, աքսորի ու հալածանքներու արիւնոտ ճանապարհէն անցած ու իր հօտին նման տարագիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական աթոռին տարագիր գահակալը՝ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս 1922 թուականի Փետրուար 22ին Դամասկոսէն կը հրապարակէ տարագրութեան մէջ գրուած իր անդրանիկ կոնդակը եւ իր ժողովուրդի զաւակներուն դիմելով կը գրէ.
«Ողջոյն Հայոց Կիլիկիոյ՝ գաղթականութեամբ ցրուեալ ի սփիւռս սշխարհի. ողջոյն տառապելոցդ՝ ի տառապակիր Հայրապետէ ի Սահակայ Կաթողիկոսէ– երբեմն Մեծի, այժմ աւերեալ Տանն Կիլիկիոյ.
«Ըստ ընկալեալ սովորութեան պէտք է որ ընդհանրական կոնդակի ձեւ ունենար թուղթս՝ ծիրանադրոշմ ճակատով։ Բայց ես ոչ Հռոմկլայէն եւ ոչ ալ Սիսէն կը գրեմ, այլ մեր պատուական իշխաններուն եւ իշխանազուններուն, մանաւանդ երգուած ու սրբացած Վահան Գողթնացւոյն գերեվարեալ քաղաքէն, Դամասկոսէն, ուր ո՛չ Հայրապետական Աթոռ ու գաւազան, ո՛չ հայրապետական դիւան ու դիւանադպիր , ո՛չ կնիք եւ ո՛չ ծիրանեկարմիր կան, այլ ամենայն ինչ սեւ է…
«Ուրեմն առանց ձեւն ու դրոշմը փնտռելու ձայն տուէք, սիրելի՛ որդեակք. ո՞ւր էք. որպէսզի հետեւիմ ձեր խաչակրութեան հետքերուն. եթէ ոչ նիւթապէս սփոփելու, գոնէ ցաւերուդ ցաւակից ըլլալով՝ թեթեւցնէի ձեր լուծն ու բեռը…»։
Սիսի Կաթողիկոսական իր փառաւոր Աթոռը կորսնցուցած տարագիր հայրապետը իր հանգամանքին երբեմնի հմայքն ու փառքը անտեսելով, վշտաբեկ սրտով կը հետեւի իր հօտին ու կը փնտռէ իր ժողովուրդը՝ «ձայն տուէք, սիրելի՛ որդեակք. ո՞ւր էք. որպէսզի հետեւիմ ձեր խաչակրութեան հետքերուն»։
1915էն մինչեւ Անթիլիասի մայրավանքի կալուածին վարձակալութիւնը 1930, Սահակ Բ. կաթողիկոս կը հետեւի իր ժողովուրդին։ Իր երբեմնի հօտի փրկութեան ու վերապրումին հաւատքը նոր աւիշ կը ներարկեն ծերունազարդ հայրապետին, որ մահուան եւ համատարած յուսալքութեան այդ օրերուն իր մէջ ուժ կը հաւաքէ ու իր տեսլապաշտ հոգիին խորունկներէն արձագանգող ամուր հաւատքով տոգորուած կը գրէ՝ «Պարտաճանաչ եւ պարտակատար ազգերը մահ չունին. թէեւ հալածուին ու նահատակուին. որովհետեւ կաթիլք նահատակաց օրհնութեան սերմեր են, որոնցմով նոր սերունդներ կը ծլին, կը ծաղկին ու կը պտղաբերին…»
Նահատակներու հեղած արեան սերմերը իսկապէս ծիլեր արձակեցին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայր Անթիլիասը դարձաւ հոգեմտաւոր փարոս, ուրկէ սերունդներ քալեցին դէպի ժողովուրդի ծառայութեան անդաստանը։
Տարագիր հայութեան վերապրումի ճիգին մէջ մեծ դերակատարութիւն վերապահուած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որուն վիճակուած էր որոշադրիչ դերակատարութիւն ունենալ ոչ միայն Սփիւռքի կազմակերպման գործին մէջ, այլ աւելին՝ համաշխարհային բեմերու վրայ հանդիսանալ պահանջատէր հայութեան արդար պայքարին դրօշակակիրը։ Այդ ծիրէն ներս կատարուած հետեւողական աշխատանքին արդիւնքն էր նաեւ 1983 թուականին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին կողմէ Վանքուվըրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրումը ու այդ կազմակերպութեան ճամբով Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներու օրով ձեռք բերուած բազմաթիւ նուաճումները։
Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վերապրող կենդանի վկան է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ իբրեւ այդպիսին՝ պատմական եւ իրաւական իւրայատուկ արժէք եւ դերակատարութիւն ունի Ցեղասպանութեան ճանաչման, հողային պահանջատիրութեան ու հատուցման պայքարին մէջ։
Սահակ Բ. կաթողիկոսի ներշնչումով գործեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր գահակալները։ Անոնց համար Աթոռը աւելի բարձր էր քան աթոռակալը։ Սահակ կաթողիկոս Հայոց Ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան ծանր օրերուն «Կաթողիկոս Աւերակաց» ստորագրութեամբ գրուած նամակներուն եւ թղթակցութիւններուն մէջ մանրամասնօրէն տեղեկագրած է ողբերգական իրադարձութիւնները, որոնց մէջ միշտ ալ տագնապով անդրադարձած է ժողովուրդի իրավիճակին, փրկութեան ճիգերուն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Աթոռի պահպանումին, անոր պատմական առաքելութեան յարատեւութեան ապահովումին, միաբանութեան վերընձուղումին։
Հետաքրքրական է կարդալ 1930ի Օգոստոս 3ին Անթիլիաս հասնելէ ետք Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանի )ապա կաթողիկոս( կողմէ իր օրագիրին մէջ արձանագրուած սա տողերը՝ «Օտար աստղերու տակ ենք, Կիլիկիա ուր, Անթիլիա՛ս ուր շէնքերու այս ընդարձակ ամայութիւնները վաղը պիտի ոգեւորուին դպրոցականներու ապագայ երազներով եւ տեսիլքներով»։
Եւ այդ երազներն ու տեսիլքները իրականութիւն դարձան։ Ու այդ տեսլապաշտ առաքեալներէն Զարեհ Ա. կաթողիկոս 1956ի Հոկտեմբերին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մը առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ պիտի ըսեր՝ «Եպիսկոպոսը եկեղեցւոյ մէջ իշխան է, բայց չեմ ուզեր որ դուք եպիսկոպոսութիւնը նկատէք աշխարհային իմաստով իշխանութիւն։ Եպիսկոպոսը իշխան է հոգիով, ո՛չ թէ օրէնքով եւ աստիճանով, այլ հոգիով, երբեք հրամայող ու հպարտ, այլ՝ հեզ, խոնարհ եւ համբերող այս եկեղեցին շատ իշխաններ ունեցած է, մեզմէ շատ բարձր պատուով ու գիտութեամբ»։
Ցաւով կ՛արձանագրենք որ հասարակութեան մօտ հետզհետէ դրսեւորուող անտարբերութիւնը վիհ մը բացած է եկեղեցւոյ, եկեղեցականին եւ ժողովուրդին միջեւ։ Գեղեցիկ ճառեր կը խօսուին ծառայութեան, նուիրաբերումի եւ խոնարհութեան մասին, սակայն գործնականին մէջ կը մոռցուին անոնք, որոնք հաւաքական մեր կեանքը կը լուսաւորեն իրենց անաղմուկ ծառայութեամբ։ Տասնամեակներու նուիրեալ աշխատանքով վաստակած բազմաթիւ խոնարհ նուիրեալներ այս աշխարհէն կը մեկնին աննկատ, անտեսուած, իրենց կենադանութեան օրով առանց գնահատանքի սփոփիչ խօսքի մը արժանանալու բաւարարութեան։
Հասարակութեան մէջ սկսած են խախտիլ պատմական, բարոյական ու հոգեմտաւոր արժէքներու չափանիշները։ Հարցը աւելի յստակացնելու եւ ընդհանրութենէն դուրս բերելու համար խօսինք օրինակներով։
Շատ կը խօսինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ու օրն ի բուն բոլորս ալ կը պայքարինք Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, հատուցման ու բռնագրաւուած մեր հայրենիքի ազատագրութեան համար։ Բանանք պատմութեան այդ տխուր դրուագին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւոտ էջերը եւ այնտեղ մենք պիտի գտնենք մարտիրոսութեան անկրկնելի հերոսական դէպքեր, հոգեւորականի այնպիսի առինքնող կերպարներ, որոնք իրենց նահատակութեամբ հարստացուցին հայ եկեղեցւոյ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ շարքը, որոնց սրբադասման պատմական որոշումը դժբախտա-բար տակաւին կ՛ուշանայ, որոնք ներշնչումի աղբիւր կրնան դառնալ այսօրուան հայ հոգեւորականին ու մեր ժողովուրդին։
Մեր մէջ հետզհետէ սկսած է մթագնիլ պատմական մեր անցեալին ծանօթութիւնը, այդ գծով հետաքրքրութիւնը, ոչ ոք այլեւս կը թերթատէ անցեալի էջերը, ապրո՛ղ էջերը, ներկան իր զեխութեամբ ու շռայլութեամբ համակած է մեր հաւաքական կեանքը ու կ՛ապրինք մեր շրջապատի պարտադրած ընկերային ներկայ չափանիշերով ու մեր արարքները կ՛արդարացնենք ժամանակակից կեանքին յարմարելու պահանջով։
Ո՞վ կը յիշէ այսօր Մշոյ Առաքելոց Վանքին Յովհաննէս վարդապետը, որուն վրայ նաւթ թափելով ողջ ողջ այրեցին ցեղասպան թուրք ասկեարները, ո՞վ կը յիշէ այսօր Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, որ Սարդարապատի գոյամարտի օրերուն ճակատներուն վրայ կանգնած էր հայ կամաւորներուն կողքին իբրեւ նոր օրերու Ղեւոնդ Երէց։ Եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել։
Խրիմեան Հայրիկ, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս ու անոր յաջորդները, մինչեւ իսկ իր աթոռին վրայ կենդանի մարտիրոսութեամբ շիջած Զարեհ Ա. կաթողիկոս այս աշխարհէն մեկնած են իրենց համեստ կեանքին, իրենց անբասիր ու մաքրակենցաղ հոգեւորականի ու ազգանուէր առաջնորդի օրինակը ժառանգ թողնելով յետնորդներուն։ Անոնք իրենց պատիւն ու փառքը համարած են ծառայութեամբ, տառապանքով ու նուիրաբերումով փայլատակող սեփական խոնարհութեան կերպարը։
Այսօր Խրիմեան Հայրիկի, Սահակ Բ. ու Զարեհ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն խոնարհութեան եւ նուիրաբերումի այդ ոգիին վերայայտնութիւնն է միայն, որ հայ եկեղեցին ու եկեղեցականը կը բարձրացնեն ժողովուրդի աչքին, այլապէս ամէն պատիւ եւ շռայլութիւն, ամէն հանգամանք ու հեղինակութիւն ժամանակին հետ կ՛անյետին անվերադարձ։