ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պելճիքայի «Նոր Ֆլաման միութիւն» կուսակցութեան երկու անդամներ, երկիրի խորհրդարանին յղած են դիմում մը, ուր կը պահանջուի ազատ արձակել Թուրքիոյ մէջ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին ձերբակալուած քրտամէտ գործիչները, որոնց մէջ կան 16 քաղաքապետներ եւ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի փաստաբանները:
Երեսփոխանները նաեւ կը պահանջեն, որ հիմնուի «ճշմարտութեան ու համաձայնութեան յանձնախումբ» մը, ուր իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ Օչալանը, եւ կը շեշտեն, թէ քրտական տագնապին լուծումը պէտք է նախապայման դառնայ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու գործընթացին:
Անոնք նաեւ կը շեշտեն, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ոչ թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, այլ՝ քիւրտերու իրաւունքները պաշտպանող քաղաքական կուսակցութիւն, եւ կը պնդեն, թէ Թուրքիա բնակող 14 միլիոննոց քիւրտ ժողովուրդին պէտք է տրուի փոքրամասնական կարգավիճակ։