Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբերի 26, 2011ին, Գլենդէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կենտրոնում տեղի ունեցաւ ասմունքի բացառիկ մի երեկոյ՝ հայրենի արուեստագիտուհի, Հայաստանի Հանրապետութեան «Վաստակաւոր արթիսթուհի» կոչումին արժանացած եւ Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիայի մենակատար ասմունքող Սիլվա Իւզբաշեանի կատարումով: Բանաստեղծութիւնների ու չափածոյ քերթուածքների շարանը, որ ընդգրկում էր կտորներ Համօ Սահեանից, Վահագն Դաւթեանից, Ուիլեըմ Սարոյեանից ու Դերենիկ Դէմիրճեանից, համեմուած էր Սիլվայի յուշերով ու հետաքրքրական ակնարկներով: Ձեռնարկը, որը կրում էր «Գարունդ Հայերէն է Գալու…» անունը, պսակուեց մեծ յաջողութեամբ: Սրահը լեցուն էր գրականասէր մեր հասարակութեամբ, որ մեծ բաւարարութեամբ այդ օրը վայելեց արուեստի յուզումնախառն, բայց ոգեւորիչ մի երեկոյ: Ձեռնարկին մասնակցում էին նաեւ բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանը եւ հանրայայտ երգիչ Լեւոն Գաթըրճեանը, որը ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ երկու երգերով: Երկու երգերով ընդմիջումին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վագօն:
Ստորեւ ներկայացնում ենք ձեռնարկի բացմանը շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ծովինար Մելքոնեանի հնչեցրած խօսքը.
«Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին եւ կ՛ողջունեմ ներկայութիւնը հայրենի արուեստագիտուհի, Մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալակիր Սիլվա Իւզբաշեանին, որ իր առինքնող ու թովիչ կատարումներով անկասկած որ պիտի հմայէ բանաստեղծութեան ու չափածոյ խօսքի, եւ ընդհանրապէս հայ քնարերգութեան սիրահարները:
Եթէ բանաստեղծութիւնը բառերու եւ համապատասխան ապրումներու ստեղծագործական քերթուածն է, ապա ասմունքը այդ քերթուածքին ազդու եւ տպաւորիչ փոխանցումն է ունկնդիրին:
Գեղարուեստական ասմունքի էութիւնը կը կազմէ ուշադրութիւն գրաւելու, հոգիները յուզելու եւ լսողին վրայ խորունկ ազդեցութիւն թողելու ունակութիւնը: Ունկնդիրին ուշադրութեան ներկայացուած արձակ կամ չափածոյ երկի մը իմաստը եւ ազդեցութիւնը կախուած է այն իրողութենէն, թէ ոչ միայն ի՞նչ կ՛ըսուի, այլ թէ ինչպէ՞ս կ՛ըսուի, ի՞նչ առոգանութեամբ եւ հնչերանգով, որոնք բանաւոր խօսքին կու տան յուզական ուժ:
Ոչ միայն երգը, այլ բանաւոր խօսքը ունի իր մեղեդին, որ պէտք է համապատասխանէ բովանդակութեան, ոչ միայն բեմէն կամ բարձրախօսին առջեւ, այլ դասարանին մէջ, տանը, աշխատանքի վայրը, կամ հրապարակին վրայ, ցուցարարներու առջեւ: Ասմունքը մէկ դերասանի ամբողջ թատրոն է, որ մեր առջեւ կը նկարէ գունագեղ պատկերներ, շարժապատկերի նման կը նկարագրէ շարժուն ու կենդանի դէպքեր, անձերու բնաւորութիւն եւ անհատներու նկարագիր:
Մեր գեղարուեստական ասմունքի պատմութեան մէջ անմոռաց կը մնան շարք մը վարպետներու անունները, ինչպէս՝ Պետրոս Ադամեան, Սուրէն Քոչարեան, Ռազմիկ Արզոյեան եւ ուրիշներ: Այս մեծամեծներու ուղիով հաստատուն քայլերով կ՛ընթանայ մեր այսօրուան հիւրը, Հայաստանի Հանրապետութեան «Վաստակաւոր արթիսթուհի» կոչումին արժանացած Սիլվա Իւզբաշեանը:
Հայրենիքի, Սփիւռքի թէ Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան ափերուն, արհեստավարժ իր ելոյթներու ընթացքին, Սիլվա Իւզբաշեան իրեն հետ տարած է հայ գրականութենէն ընտրանիներ, որոնց ընդմէջէն հանդիսատեսը կը թեւածէ բանաստեղծութեան եւ ասմունքի դրախտային ոլորտներու մէջ՝ պահ մը անջատուելով առօրեայի միապաղաղ ու կլանիչ թոհուբոհէն, վայելելու համար արարումը մեր երբեմնի գրական գոհարներուն, որովհետեւ նոյնինքն Սիլվա Իւզբաշեանի խօսքերով՝ «Բանաստեղծութիւնը ոչ միայն տառապանքի, այլ հաւատքի, կենսունակութեան եւ յաւերժի պատմութիւնն է, եւ այդ բոլորը ոսկի երակի նման կաթիլներ կը քամեն ու կը հոսեցնեն ունկնդիրներու երակներն ի վար»:
Վստահ եմ, որ այս երեկոն անմոռանալի յիշողութիւններ պիտի պարգեւէ բոլորիս: Սիլվան Համազգայինի համայն ընտանիքին կողմէ գաղութէ գաղութ կը հրաւիրուի, եւ այս անգամ, հրաշալի զուգադիպութեամբ՝ Լոս Անճելըս կը գտնուի Մշակոյթի ամսուան առթիւ:
Համազգայինը ոչ միայն պատուըւած, այլ երախտապարտ կը զգայ իրեն հանդէպ»: