ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 28ին հիւրընկալած է Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլն ու Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը։
Ողջունելով հիւրը՝ նախագահը գնահատած է հասարակութեան մէջ բարոյականութեան եւ հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման ուղղուած Ռուսիոյ պատրիարքին ջանքերը:
Նոյն օրը, նախագահի հրամանագիրով, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու աւանդական բարեկամութեան խորացման, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ կապերու ամրապնդման, հոգեւոր արժէքներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ անոր ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Ռուսիոյ պատրիարքը պարգեւատրուեցաւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդը նշած է, որ իրեն համար մեծ հաճոյք է այցելել քրիստոնէութեան հնագոյն օրրան՝ Հայաստան: Ան պատահական չէ համարած նոյն օրը մեկնարկած խաղաղասիրական հանդիպման իրականացումը Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը կը հանդիսանայ ԱՊՀ Միջկրօնական խորհուրդի համահիմնադիրներէն մէկը։