ԵՐԵՒԱՆ.- ԱՊՀ երկիրներու Միջկրօնական խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Կովկասի իսլամներու առաջնորդ շէյխուլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէին եւ Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին միջեւ:
Հանդիպման արդիւնքներուն մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ պատրիարք Քիրիլ՝ յայտնելով. «Հանդիպումը կարճ տեւեց, բայց յաջող էր, որովհետեւ զայն կազմակերպած էին մեր ներկայացուցիչները: Պատրաստ էր հռչակագիրը, որուն շուրջ մենք այսօր յաջող կերպով համաձայնութեան եկանք: Երեք կողմերն ալ իրենց նուիրուածութիւնը կը յայտնեն Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու ուժի չկիրառման սկզբունքին, որ վճռական վստահութիւն կը ներշնչէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առնչութեամբ: Պատերազմի ընթացքին գերիներն ու սպաննուածները կողմերուն վերադարձնելու համաձայնութեան՝ յամառօրէն կ՛աւելցնենք նաեւ սահմանէն դիպուկահարները հեռացնելու խնդրանքը, որպէսզի զոհեր չարձանագրուին: Ուժի կիրառումէն հրաժարիլը պէտք է ներառէ նաեւ այդ մէկը»:
«Մենք յարգանքով կը վերաբերինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն եւ կ՛աղօթենք, որ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատուի այս տարածաշրջանին մէջ», աւելցուցած է պատրիարք Քիրիլ: