ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան սեւ ցուցակին մէջ յայտնուելու վտանգին տակ են «Պիթրավըլ» (Պելճիքա), «Կիկաթուր» (Գերմանիա) եւ «Օսիանիտէս» (Ֆրանսա) զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները: Ատրպեճանական «1Նիուզ» կայքը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլաեւ ըսած է, որ իր գերատեսչութիւնը այժմ Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Գերմանիոյ մէջ գտնուող իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջոցով կը փորձէ պարզել, թէ արդեօք ճի՞շդ է այն տեղեկութիւնը, որ վերոյիշեալ ընկերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը ներառած են իրենց 2012ի շրջապտոյտփաթեթներու մէջ:
«Եթէ այդ մէկը հաստատուի, ապա ատրպեճանական կողմը համապատասխան միջոցներու պիտի ձեռնարկէ», ըսած է Ապտուլաեւ:
Նշենք, որ վերոյիշեալ ընկերութիւնները, իրենց կայքերուն միջոցով շրջագայութիւններ կ՛առաջարկեն (2012ի Սեպտեմբեր 1527ը ինկած ժամանակահատուածին) դէպի Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մէկը յառաջացուցած է ատրպէյճանցիներու զայրոյթը: Անոնց համար անընդունելի է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն ներկայացնելը: