ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Երիտասարդականի «Միսաք Թորլաքեան» մասնաճիւղի պատասխանատու մարմինին, 12 Նոյեմբերին, «Վռամեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ սոյն մասնաճիւղի հիմնադրութեան 70ամեակի նշումը:
Օրուան հանդիսավար Սթեֆանի Տեմիրճեան բեմ հրաւիրեց երիտասարդացի ներկայացուցիչ Կարինէ Կրկրեանը, որ նախ յիշեց ՀՅԴ Երիտասարդացի անցած փառաւոր ուղին, ապա կեդրոնացաւ ներկայիս տարուող աշխատանքներուն վրայ՝ ընդգծելով երիտասարդութիւնը յուզող իրադարձութիւնները, նաեւ մայր հայրենիքի, Արցախի ու æաւախքի մէջ ընթացող գործընթացները՝ խոստանալով երիտասարդութեան բաժին ինկած մեր իրաւունքներուն եւ պայքարին զօրաւիգ հանդիսանալ եւ շարունակել աշխատանքը:
Կարդացուեցան կազմակերպութիւններու եւ բարեկամ միութիւններու կողմէ յղուած շնորհաւորական նամակներու շարք մը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Երիտասարդացին պատրաստած 70 տարիներու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը: