ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ Անկախութեան 20ամեակին առիթով, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան հովանիին տակ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ գործող «Սատար Լեռնային Ղարաբաղին» կազմակերպութեան աջակցութեամբ, Փարիզի մէջ լոյս տեսած է «Արցախ՝ Հայ Աւանդոյթներու Եւ Արուեստի Պարտէզ» ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով նկարազարդ գիրքը, որուն շնորհիւ կարելի է ծանօթանալ Արցախի պատմութեան, հնագիտական ժառանգութեան, պատմաճարտարապետական յուշարձաններուն, իւրատիպ գոյներով յագեցած ձեռագիր-մատեաններուն ու գորգագործութեան արուեստի դպրոցին:
Գիրքի հեղինակային կազմը հանրայայտ գիտնականներ եւ դասախօսներ են, որոնք Արցախի պատմութեան եւ մշակոյթի գիտակներ են: