
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին եւ գործակցութեամբ խմբապետական կազմին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի աշխատանքներու վերամուտին առիթով, Կիրակի, 27 Նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:30ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական պաշտօնական հանդիսութիւն մը՝ մասնակցութեամբ մասնաճիւղի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն:
Ձեռնարկը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց Սկաուտական խորհուրդի բարի գալուստի խօսքը, զոր արտասանեց Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Մանօ Գազանճեանը: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄը միշտ եղած է ու կը մնայ հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին հարազատ միջավայրը, ուր անհատը կը դաստիարակուի՝ ըլլալու համար ապագայի տիպար հայը՝ հաւատարիմ իր ազգին, կրօնին եւ ընտանիքին, միշտ օգնելով շուրջիններուն եւ բարոյական կեցուածքով օրինակ դառնալով զինք յաջորդող սերունդներուն, տէր կանգնելով ՀՄԸՄի վսեմագոյն նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»ին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աստիճաններու տուչութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Յարութիւնեան:
Ան նկատել տուաւ, որ տարիներ շարունակ իրենք գործած են ՀՄԸՄի հիմնադիրներուն գծած ուղիով ու անոնց պատգամած դաւանանքով, եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն գործել նաեւ այսուհետեւ:
Ապա Կոմիտաս արք. Օհանեան խօսք առնելով շեշտեց, որ ՀՄԸՄը, որ շուրջ 100ամեայ կեանք ունի, կենդանութեան ակումբ է: Ան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄը, մարդակերտումի եւ հայակերտումի վեհ նկարագիրը ստեղծելու առաքելութեամբ լեցուած՝ ամէն դասակարգի պատկանող զաւակները հաւաքեց, դաստիարակեց, անոնց տալով նոր կեանք, եւ այդ պատճառով ալ հայութիւնը Սփիւռքի մէջ վերականգնեցաւ եւ յարութիւն առաւ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի Անթիլիասի մասնաճիւղի 2010-2011 տարեշրջանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը, որուն յաջորդեց կենդանի պատկերի ներկայացում՝ «Արցախի ազատագրումը» նիւթով: Աւարտին սրահ մուտք գործեց սիրուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան: Ան խանդավառեց մթնոլորտը՝ ներկայացնելով երգերու փունջ մը: