ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով, Շաբաթ, 26 Նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոն այցելեց «Եռագոյն Ֆոնտ»ի հիմնադիր, բարերար Երջօ Սամուէլեանը՝ ընկերակցութեամբ «Եռագոյն Ֆոնտ»ի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Սիսլեանի:
Սամուէլեան դիմաւորուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան կողմէ:
«Լ. Շան»չ կեդրոնին մէջ Սամուէլեան ծանօթացաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի դպրոցի, «Գայիանէ» պարի դպրոցի եւ «Կարկա»չ երգչախումբի գործունէութեան՝ ներկայ գտնուելով փորձերուն եւ դասերուն:
Ան շրջագայութենէ ետք հանդիպում մը ունեցաւ շրջանային վարչութեան եւ խնամակալութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան ամփոփ կերպով ներկայացուց կեդրոնին գործունէութիւնը, ծրագիրներն ու դժուարութիւնները:
Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ խնամակալութեան հետ հանդիպման ընթացքին, ան նշեց, որ կեդրոնին մէջ կը գործեն շուրջ հազար աշակերտներ, որոնք շաբթուան բոլոր օրերուն կը հետեւին իրենց ճշդուած ծրագիրներուն:
Հանդիպման աւարտին, Երջօ Սամուէլեան մեծապէս գնահատեց Համազգայինին տարած աշխատանքը, որ էապէս կը նպաստէ հայ մշակոյթի պահպանման: Սամուէլեան յոյս յայտնեց, որ Համազգայինը առաւել եւս մեծ թափով շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Նշենք, որ բարերար Երջօ Սամուէլեան, «Եռագոյն Ֆոնտ»ին միջոցով, տարեկան դրութեամբ օժանդակութիւն կը տրամադրէ նիւթական դժուարութիւններ ունեցող սաներու: