ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի մէջ, Նոյեմբեր 19էն 25ի միջեւ տեղի ունեցած խռովութիւնները «Էապէս չեն ազդած հայ համայնքին վրայ՝ բաղդատմամբ անցեալ Յունուարին տեղի ունեցած իրարանցումներուն», կը վստահեցնեն Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հայ հոգեւոր առաջնորդները:
«Գահիրէի առաջնորդարանը լուրջ ահազանգ չէ ստացած Մանսուր եւ Մոհամետ Մահմուտ փողոցներուն վրայ բնակող հայ ընտանիքներէն», կ՛ըսէ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան:
Մանսուր փողոցը կ՛առաջնորդէ դէպի Ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր արիւնոտ բախումներ տեղի ունեցած են ոստիկանութեան ծառայողներու եւ ցուցարարներու միջեւ:
Առաջնորդը կը յայտնէ, թէ «միայն դէպքի վայրերն են, որոնք անհանգիստ էին, սակայն քաղաքի միւս կողմերը, կեանքը կ՛ընթանար սովորական»: Ան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ բոլոր օրերուն ալ Ազգային առաջնորդարանը գործած է աշխատանքային սովորական ժամերուն, եւ միայն Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ին, պաշտօնական արձակուրդ ունեցած է՝ Իսլամական Հըճրի տարեգլուխին առթիւ:
Իսկ Աղեքսանդրիոյ առաջնորդական փոխանորդ Գրիգոր քհնյ. Մուրատեան կը հաւաստէ, որ Աղեքսանդրիոյ հայ համայնքի բոլոր անդամները անվնաս են եւ Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ պատարագները ու ժամերգութիւնները մատուցուած են առանց ընդհատումներու: Ըստ քահանային, ցոյցերը կը կատարուէին հեռու թաղամասերու մէջ, եւ իրարանցում կամ անհանգստութիւն չկար: