
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին, Յովհաննէսեան ընտանիքի վերջին հարիւրամեակի պատմութեան նուիրուած՝ Կարին Յովհաննէսեանի «Family of Shadows» հատորին ներկայացումը, տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504), Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ:
Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հեղինակը՝ պատասխանելու համար ներկաներու հարցումներուն եւ մակագրելու համար գիրքէն օրինակներ: Աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին արուեստի ցուցահանդէս մը կազմակերպած է Քրիսթին Յարութիւնեանը: