
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին «Արաբական գիշեր» խորագիրով ձեռնարկ մը կազմակերպած է՝ երգիչ Միշել Աշքարի մասնակցութեամբ: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Գույումճեան» սրահին մէջ, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2ին: Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (626) 274-1545, (818) 510-1243 կամ (818) 243-8400 թիւերուն: Մուտքի սակը 70 տոլար է, ներառեալ՝ ճաշ եւ ըմպելիներ:
Նաեւ, եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կազմակերպած տարեկան «Կաղանդի պազար»ը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 11ին, «Գույումճեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Կիրակի, Դեկտեմբեր 18ին, եկեղեցւոյ «Այտենեան» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Կրեկ Սարոյեանի, Կաղանդի յատուկ երգեր պիտի երգէ Ս. պատարագի ընթացքին:
Եկեղեցւոյ Կաղանդի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24ին, «Գույումճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան, նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանի:
Մուտքի սակը 50 տոլար է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-8400 թիւին կամ mailchurch@stgregoryarmenian.com հասցէին: