ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հովանաւորութեամբ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին, կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի ու Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Սիւզան Խարտալեանի բեմադրած վաւերագրական նորագոյն շարժապատկերին՝ «Grandma՛s Tattoos»ին («Տատիկիս Դաջուածքները») ցուցադրութիւնը, գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard Street):a

Ցուցադրութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ հարցուպատասխանի բաժին մը՝ ներկայութեամբ բեմադրիչին: Շարժապատկերը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ շահագործուած հազարաւոր հայ կանանց:
1919ին, 90,819 հայ կիներ, աղջիկներ եւ երեխաներ փրկուած էին Օսմանեան կայսրութեան դէմ յաղթանակ ապահոված ուժերուն կողմէ, սակայն պոռնկութեան պարտադրուած կիները, նոյնիսկ ազատուելէ ետք տառապած են զիրենք մեկուսացման մատնած դաջուածքներուն պատճառով:
Շուէտ հաստատուած, իսկ լրագրական ուսումը Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ ստացած Սիւզան Խարտալեանը նաեւ մագիստրոսի տիտղոս ունի միջազգային օրէնքի եւ դիւանագիտութեան ճիւղին մէջ, «Թաֆց» համալսարանի «Ֆլեչըր» բաժանմունքէն, ու յօդուածներ կը գրէ զանազան թերթերու, ներառեալ՝ «Ասպարէզ»ի: Ան բեմադրած է աւելի քան 20 շարժապատկերներ, որոնք ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին: Անոնց շարքին են՝ «Back to Ararat»ը, որ արժանացաւ Շուէտի լաւագոյն շարժապատկերի մրցանակին, եւ «I Hate Dogs. The Last Survivor»ը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէին կամ (818) 548-3288 թիւին: