ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հիւսթընի համաշխարհային հարցերու խորհուրդը (World affairs council) այս տարեշրջանի իր գործունէութեանց շարքին, իր անդամներուն համար կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի Հայաստան:
Կազմակերպութեան կայքէջին (http://www.wachouston.org) վրայ դրուած են շրջապտոյտի մասնակիցներուն վկայութիւնները՝ Հայաստանի տեսարժան վայրերու քանի մը նկարներով: Յայտնի է, որ այս այցելութիւնը մեծապէս ոգեւորած է Խորհուրդի պատասխանատուները՝ զանոնք մղելով, որ յառաջիկայ տարի, Յունիսին, նոր շրջապտոյտ մը կազմակերպեն, այս անգամ՝ իրենց ծրագիրին մէջ ներառելով Արցախը:
Այս իրողութիւնը ցաւով ընդունած է Ամերիկայի ատրպեճանական համայնքը, որ դարձեալ ձեռք ձեռքի տուած թուրք-ամերիկացի բարեկամներուն՝ ձեռնարկած է նամակագրական արշաւի մը՝ համոզելու համար հիւսթընցիները, որ ջնջեն իրենց շրջապտոյտը դէպի Արցախ՝ առարկելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղը ատրպեճանական տարածք է եւ միայն Ատրպէյճանի կառավարութեան համաձայնութեամբ կարելի է նման շրջապտոյտ մը կազմակերպել:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախ այցելողներու սեւ ցուցակ մը ունի, եւ օրէ օր այդ ցուցակը կ՛երկարի քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու ու հասարակական գործիչներու անուններով. փաստ մը, որ ինքնին կ՛ապացուցէ այդ գործելակերպին ձախողութիւնը:
Հիմա ալ քաղաքացիական մակարդակով, Ամերիկայի ազերի եւ թուրք շրջանակները կը փորձեն տարհամոզել մարդիկ Արցախ այցելելու հարցով՝ ջարդերու ու կոտորածներու զրպարտութիւններու շարանով մը համեմելով իրենց քարոզարշաւը:
Հայկական հնաւուրց եկեղեցիներ այցելած եւ հայկական հիւրասիրութեան հմայքով հրապուրուած հիւսթընցիները, վստահ ենք, որ պիտի կարենան շրջանը այցելելու փափաք ունեցող իրենց բարեկամները համոզել, թէ արցախեան շրջապտոյտը միայն հաճելի անակնկալներ կրնայ խոստանալ մասնակցողներուն:
Հիւսթընէն Արցախ ճանապարհը փակելու ազերի-թրքական այս փորձը պիտի յաջողի՞: Տեսնե՛նք: