ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջին իսկ ակնարկով, սոյն վերնագրին մէջէն պէտք է վերցնել շաղկապը, եւ զայն փոխարինել փութով: Վստահութիւն՝ սէր: Որովհետեւ Սէրը բնական հետեւութիւնն է Վստահութեան: Ասիկա կը ճշմարտուի այն ատեն մանաւանդ, երբ շահուած վստահութիւնը կ՛իրագործուի կամ կը գործէ, իր ամբողջական զօրութեամբ:

Արդարօրէն կարելի է լսել ոմանց առարկութիւնը, թէ՝ հոն ուր վստահութիւն կայ, այնտեղէն չի՛ կրնար բացակայիլ սէրը: Ան որ կը վստահի տուեալ անձին, բնականաբար որոշ աստիճանի սէր կը տածէ անոր նկատմամբ, եւ որ կրնայ ժամանակի ընթացքին աճիլ, բազմապատկուիլ ու հասնիլ իր բարձրագոյն աստիճանին, կամ կատարելութեան՝ անվերապահ սիրոյ: Ուրեմն, տե՛ս թէ ինչքան կարեւոր է վստահութեան երեւոյթը փոխ-յարաբերական կեանքի ընթացքին:
Շահուած վստահութեամբ ցարդ բազմաթիւ դրական աշխատանքներ իրագործուած են, ի նպաստ մարդկային ընկերութեան: Վստահութեան շնորհիւ համակարգուած են բազմաթիւ գործունէութիւններ, ծրագրուած են յառաջիկայ տասնամեակներու, կամ գալիք ժամանակաշրջանի ուղեգիծներ, որոնք դարձեալ վստահութիւնը ունենալով իբրեւ միակ երաշխիք, սկսած են գործադրել որոշուած ծրագիրները:
Վստահութիւնն է դարձեալ, որ փարատած է կասկածամտութիւնը որեւէ հաւաքականութեան կեանքէն, ընկերային առողջ մթնոլորտի առողջարար միջավայրը ստեղծելով մարդկային ընկերութեան կեանքին համար: Վստահութեան ընձեռած բարիքներուն ամէնէն էականը կը նկատուի այս, այլապէս մարդկութեան ընկերային կեանքը անդամալուծութեան կը յանգի, որ ինքնին աղբիւր կը դառնայ ամէն չարիքի:
Ընկերային կեանքի անդամալուծութեան մէկ այլ անունը կամ հոմանիշը կարելի է նկատել փոխադարձ անվստահութիւնը, կամ փոխադարձ կասկածամտութիւնը: Սա այնպիսի կացութիւն է, երբ աշխատանքը իր դրական թէ ժխտական ուղղութիւններով կանգ կ՛առնէ, որեւէ յառաջխաղացք չի՛ նկատուիր մարդկութեան կեանքին մէջ, որ ընկերային ամլութիւնն իսկ է: Բնականօրէն հաճելի եւ ուրախալի չէ՛ ընկերային կեանքին ծուլացումը, գործունէութեան պակասը, որ շուտով իր ետեւէն կը բերէ միջակութիւններ, մարդկային խեղճութիւններ, որոնց ձեռքով կը գործուին թերի ու անաւարտ աշխատանքներ, ի յայտ կու գան անորակ ու անարժէք կեղծ չափանիշներ, որոնց բնաւ պիտի չյաջողուի արժէք դառնալ, հակառակ իրենց կողմէ թափուած անդուլ ճիգերուն:
Վստահութեան անմիջական հետեւութիւնը սէրն է: Այսպէս կարելի չէ՞ բացատրել ամուսնական կեանքի ամէնէն նուիրական երեւոյթը՝ սէրը, որուն ծնուցիչը փոխադարձ այն վստահութիւնն է, որ սկիզբէն իսկ փարատած կ՛ըլլայ ամէն կասկած: Սէրը այն երդիքն է, որ կը ծածկէ ամուսնական կեանքին տունը, զայն պաշտպանելով օտարոտի փոշիէն կամ տեղացող անձրեւներէն: Փոխաբերական իմաստով առած, բազմաթիւ տեսակի անձրեւներ կրնան տեղալ մեր կեանքի տան վրայ: Սակայն երբ անոնցմէ պաշտպանող երդիքը՝ սէ՛րը ունի մեր տունը, ինչքան ալ տեղան անոնք, միայն հաճելի նուագ կը դառնան մեր գլխուն վերեւ, ու սահելով կը թափին գետին, եւ հեղեղին հետ արագավազ կը հասնին ծով, ու կը լեցուին այնտեղ:
Այն պահուն երբ կասկածը բոյն կը դնէ զոյգի կեանքին մէջ, վստահութիւնը խոյս կու տայ անկէ, ու անվստահութեան բացակայութենէն խրտչող առաջին երեւոյթը սէրը կ՛ըլլայ, որ վստահութեան հեռացումէն իսկ առաջ մեծ ոստումներով կը հեռանայ անոնց կեանքէն:
Վստահութեան հեռացման կամ բացակայութեան տուն տուող պատճառները նոյնքան հետաքրքրական են, որքան սիրոյ ու վստահութեան ունեցած առնչութիւնն ու փոխ-յարաբերութիւնը:
Առաջին ու հիմնական պատճառը վստահութեան կորուստին, նախանձն է: Նախանձոտ մարդիկ չեն կրնար վստահութիւն ներշնչել, շահիլ, կամ իրագործել՝ դրական աշխատանքի մղելով զանիկա: Ընդհակառակը անոնք կը պայքարին այդ մեծ ոյժին՝ վստահութեան դէմ, զայն հալածական դարձնելով մեր տան սահմաններէն: Վա՜յ այն տան, որուն մէջ փոխադարձ վստահութիւնը ամուր հիմերու վրայ դրուած չէ: Որովհետեւ անոր խախտելուն հետ միատեղ, տան երդիքը՝ սէրը պիտի փուլ գայ, ու լեռներէն ահեղավազ հոսող անձրեւն ու հողը, ցեխով պիտի լեցնեն այն տունը, ուր քիչ առաջ տակաւին կը թագաւորէր համերաշխութիւնը՝ խաղաղութեամբ երաշխաւորուած:
Նախանձին գործած աւերներուն մասին յաւելեալ փաստ իբրեւ կը տրուին այն երանի՜ները, զորս նախանձոտ մարդիկ կու տան յաճախ, տեսնելով սիրոյ ու փոխադարձ վստահութեան սկզբունքներով ապրող ընտանիքներ: Ընկերութեան կեանքը հարստացնող այս երեւոյթը՝ վստահութեամբ ու սիրով ապրող ընտանիքները, որոնք առհասարակ տեսնողներուն երջանկութիւն պէտք է պատճառեն եւ ուսանելի օրինակ դառնան բոլորին, նախանձը կը գրգռեն նախանձոտ մարդոց, որոնք կարելի ամէն միջոցի կը դիմեն ընկերութեան այդ բջիջը՝ առողջ ընտանիքը քանդելու, վստահութեան ու սիրոյ քակտումին աշխատելով: Ընկերութեան կեանքին ցեցերը պէտք է կոչել այդպիսիները, որոնք աչքէ հեռու՝ մութին մէջ գործելով, յանկարծ իրենց չար արարքին արդիւնքը կը հրամցնեն մարդկութեան, անակնկալի բերելով երջանկութեամբ զեղուն սիրտերը:
Վստահութեան վերջնական հեռացման ու կորուստին պատճառ հանդիսացող երկրորդ գլխաւոր առիթը անհաւատարմութիւնն է, որուն առաջնորդութեամբ սէրը ոչնչացնող մեղքը կը սպրդի որեւէ յարկէ ներս: Վստահութեան հականիշն է ասիկա, որ կը յաջողի թերեւս որոշ ժամանակ խաբել սէրը, սակայն ի վերջոյ կը տապալէ զայն, ու իր գարշահոտութեամբ կը լեցնէ կեանքի տան բուրումնաւէտ անդաստանը:
Անհաւատարմութեան զոհ գացած անթիւ ու անհամար անձերուն փորձառութիւնը բաւարար չէ՛ եղած ցարդ, ուսանելի օրինակ տալու մարդկութեան, չ՛իյնալու դաւադրութեան այն թակարդին մէջ, որուն տրուած մէկ այլ անունն է անհաւատարմութիւնը: Անձնական շահը, միամտութիւնը, նկարագիրի թուլութիւնը եւ ամէնէն կարեւորը՝ խաբողներու ճարտարութիւնը, յաճախ պատճառ դարձած են անհաւատարմութեան, նոյնիսկ ամէնէն երջանիկ համարուած ընտանիքներուն մօտ:
Երրորդ եւ վերջին պատճառը վստահութեան ու սիրոյ հեռացման, զայն վայելող անձին անարժանութիւնն է: Երբ բախտի բերմամբ մէկը կ՛արժանանայ վստահութեան ու սիրոյ, ժամանակաւոր կ՛ըլլայ այդ վայելքը: Վստահութեան ու սիրոյ արժանանալու համար, անձը պէտք է անպայման ունենայ համապատասխան արժանիք: Այլապէս երկար ճանապարհ չի՛ կրնար կտրել անոր հետ, որ իրեն ընծայած է այդ երկուքը՝ իր ամբողջական վստահութիւնը, որուն անմիջական հետեւութիւնն է իր անվերապահ սէրը:
Վստահութեան ու սիրոյ այս երանական միասնութիւնը ու մէկ ամբողջութիւնը լիարժէք վայելելու միջոցներէն մէկն է՝ համապատասխան սիրտ սնուցանելը մեր ներսիդին, որ ամրօրէն պաշտպանուած ըլլայ նախանձի ու անհաւատարմութեան ախտերուն դէմ: