ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի աւագանին, Դեկտեմբեր 9ին գումարած իր արտահերթ նիստով, հաւանութիւն տուած է Երեւան քաղաքի շարք մը բնակարաններ՝ քաղաքացիներուն անվճար տրամադրելու որոշումին, ինչպէս նաեւ կողմ քուէարկած է Երեւանի սեփականութիւնը համարուող գոյքը օգտագործման տրամադրելու մասին 2012ի ծրագիրին: Աւագանիին ներկայացուած եւ վաւերացուած է նաեւ «Երեւանի աւտոբուս» ընկերութիւնը ստեղծելու մասին նախագիծը, աղբահանութիւնը կազմակերպելու համար տեղական վճարումներու 2012ի չափերը սահմանելու մասին որոշումը, ինչպէս նաեւ՝ մայրաքաղաքի զարգացման 2012ի ծրագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.