ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 12ին, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնեց, թէ «Ժառանգութիւն»ը որեւէ կուսակցութեան հետ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան հարցն ու ձեւաչափերը չէ քննարկած:
«Մենք ոչ-պաշտօնական քննարկումներ կը կատարենք տարբեր ուժերու հետ, բայց ո՛չ մէկ քննարկման ընթացքին ցուցակներու հարց չէ քննարկուած: Ինծի կը թուի, թէ յառաջիկայ մէկ-երկու ամսուան ընթացքին պարզ կ՛ըլլայ անիկա», ըսաւ Յովհաննէսեան, անդրադառնալով 2012 Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին «Ժառանգութիւն»ի մարտավարութեան խնդիրին:
Ըստ Յովհաննէսեանի, «Ժառանգութիւն»ը ներքին հակում ունի միասնական յառաջընթացի: «Մեր դժբախտութիւնն ալ որոշ ուժերու առանձին երթալու ցանկութիւնը եղած է: Իւրաքանչիւր սթափ մտածող կուսակցութիւն պէտք է հասկնայ, որ ընտրութիւններուն միայնակ երթալը սխալ է», ընդգծեց Յովհաննէսեան։
Անդրադառնալով ՀԱԿի հետ համագործակցութեան՝ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան առաջնորդը նշեց. «Մենք բաց ենք բոլորին համար, բայց հաշուի առնելով Մարտ 1ի հաւաքը, հացադուլը, Կոնգրեսին վերաբերմունքը՝ կրնանք ըսել, որ իրենք վերապահում ունին: Խնդիրը մեր մէջը չէ. իրենք կը մտածեն, որ կրնան զինաշարժել ժողովուրդը: Մենք պատրաստ ենք համագործակցութեան, սակայն՝ հաւասար-հաւասարի հետ», ամփոփեց ան: