ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Բանակին մէջ խաղաղ պայմաններու տակ մահացած զինուորներուն ծնողները՝ շուրջ 30 հոգի, Դեկտեմբեր 12ին բողոքի ցոյց կազմակերպած են Հայաստանի նախագահի նստավայրին մօտ՝ «Մի՛ կոտրէք հայ զինուորի ոգին» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ բռնած:
Ցոյցի կազմակերպիչներէն է քսանապետ Արտակ Նազարեանի մահուան գործով մեղադրուող Մխիթար Մխիթարեանի հայրը՝ Վալերի Մխիթարեանը, ըստ որուն, գործին քննութիւնը տակաւին էական յառաջընթաց չէ ունեցած:
Նշենք, որ Արտակ Նազարեան սպաննուած էր 2010ի Յուլիս 27ին, Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին մօտ գտնուող զօրամասին մէջ: Արտակ Նազարեանի հարազատները կը պնդեն, թէ տեղի ունեցածը սպանութիւն էր, այլ ոչ՝ անձնասպանութիւն: