ՊՈԼԻՍ.- Կիրակի, 11 Դեկտեմբերին, Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան նոր հաւաքավայրին։ Հանդիսութեան բացումը կատարեց Սերճան Չաքարօղլու:
Բացման հանդիսութեան մասնակցեցաւ արուեստագէտ Եաշար Գուրթ։ Ներկայ էին «Սէ.Կէ.Տէ.»ի )Ընկերվարական Երիտասարդական միութիւն) բազմաթիւ անդամներ։
Ճաներ Էրզրումլուօղլու, որ հայերէնով ելոյթ ունեցաւ, բացատրութիւններ տուաւ միութեան նպատակներուն եւ գործունէութեան մասին։ Այնուհետեւ թրքերէնով ելոյթ ունեցաւ Սերճան Չաքարօղլու, որ, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Միութիւնը հիմնուած է 2010 թուականին։ Միութեան նպատակներէն մէկն է տէր կանգնիլ հայոց լեզուին, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ դասուած է իբրեւ մէկը այն լեզուներէն, որոնք անհետանալու վտանգին ենթարկուած են»։
Ըստ «Մարմարա»ի, Չաքարօղլու ըսաւ նաեւ, որ միութիւնը կազմակերպած է հայերէն լեզուի դասընթացքներ եւ կը ջանայ զօրացնել բանաւոր պատմութեան անցեալի, ներկայի ու ապագայի միջեւ առկայ տկարացած կապերը։ Միութիւնը աշխատանք կը կազմակերպէ նաեւ շարժապատկերի, լուսանկարի, պարի ու երաժշտութեան բնագաւառներէն ներս։
Հաւաքոյթի աւարտին կազմակերպիչները գետին զարնելով փշրեցին նուռ մը, որ հայոց կողմէ ընդունուած է որպէս առատութեան, եղբայրութեան ու միասնութեան խորհրդանիշ։